Последние новости

Նինա Խաչիկեան Նշանակուեցաւ Պլինքընի Ենթազգային Հարցերու Ներկայացուցիչը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Նինա Խաչիկեանը նշանակած է նախարարութեան ենթազգային հարցերու ներկայացուցիչի նորաստեղծ պաշտօնին։

Իր նոր պաշտօնին մէջ, Խաչիկեան նախարարութեան կապը պիտի ըլլայ քաղաքային, գաւառային և նահանգային իշխանութիւններուն հետ, անոնց հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելով, գլխաւորաբար նպաստելու համար կենսոլորտի ջերմացման դէմ պայքարին և ընկերային արդարութիւն հաստատելու և ժողովրդավարական հիմնարկները ամրապնդելու ջանքերուն։

Միջազգային յարաբերութիւններու հարցերու Լոս Անճելըսի նախկին փոխքաղաքապետ Նինա Խաչիկեան նաև անդամ է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան հեղինակաւոր Քաղաքական խորհուրդին։

Յիշեցնենք, որ Խաչիկեան նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նշանակուած էր Հարաւ-արևելեան Ասիոյ ազգերու կազմակերպութեան՝ ԱՍԻԱՆի (ASEAN) մօտ Ամերիկայի դեսպան: Նախագահ Պիլ Քլինթընի օրերուն, ան Ազգային ապահովութեան խորհուրդին անձնակազմին մաս կը կազմէր։

Խաչիկեան յատկապէս Ասիոյ մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան մասնագէտ է և «Ամերիկեան յառաջդիմութեան կեդրոն»ի ու «Ռենտ»ի նման հիմնարկներու մէջ աշխատելու կողքին՝ եղած է նաև Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան խորհրդատուի տեղակալի օգնական (1998-1999) և Դաշնակցային առևտուրի յանձնաժողովի ատենապետի խորհրդատու: Ան իրաւաբանութեան իր վկայականը ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն:

Asbarez.am

ПОСЛЕДНИЕ ОТ АВТОРА

ПОСЛЕДНЕЕ ПО ТЕМЕ