Վատիկանի Գրեգորյան և Արևելյան համալսարանների տնօրինության հրավերով մայիսի 19–ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախոսություն է կարդացել «Միջին Արևելքի եկեղեցիները դիմագրավող մարտահրավերները» խորագրով։
Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, դեսպաններ, հոգևորականներ և Վեհափառ Կաթողիկոսին պատուիրակութեան անդամները: Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր խօսքը սկսաւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով տագնապներով լեցուն Միջին Արևելքի ներկայ կացութիւնը և այդ ծիրէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ապա, ան լայնօրէն անդրադարձաւ երկու կարևոր խնդիրներու.-
ա) Քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու անտեսումը իբրև քաղաքացիներ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ (բացի Լիբանանէն):
բ) Քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արևելքէն:
Յիշեալ երկու դժուարութիւններուն առաջքը առնելու կարելիութիւններուն ուղղութեամբ իր տեսակէտները պարզեց Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, ան շեշտեց, թէ շրջանէն ներս քրիստոնէութիւնը պէտք է ունենայ յստակ ռազմավարութիւն, որ ըլլայ իրատես ու գործնական՝ համապատասխան աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու հոլովոյթին: Այս ուղղութեամբ, Հայրապետը եօթը կէտեր ընդգծեց՝ իւրաքանչիւրին պարագային անհրաժեշտ բացատրութիւններ տալով.- ա) ամուր կապուածութիւն ապրած երկիրներուն, բ) համայնքային կեանքի վերակազմակերպում ու վերակենսաւորում, գ) կրօնական ինքնութեան և ազգային ինքնութեան փոխ-կապակցութիւն, դ) փոքրամասնութիւն ըլլալու հասկացողութեան յստակացում, ե) քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութենէ անդին գործակցութիւն, զ) սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակէն՝ գործողի դերակատարութիւն և է) ինքնակղզիացումէ ու ինքնապաշտպանութենէ՝ մասնակցութիւն:
Դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ եկեղեցիներու միջև ամուր գործակցութիւն յառաջացնելու, հասարակաց գետիններ ճշդելու և եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւնը ծաւալելու կարելիութիւններու մասին: Այս ուղղութեամբ ան Զատկուան միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց: Ան նաև ընդգծեց եկեղեցիներու կրթական առաքելութիւնը վերակազմակերպելու հրամայականը, ինչպէս նաև մատնանշեց որոշ կարելիութիւններ, միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու գծով:
Իր դասախօսութեան աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Միջին Արևելքի եկեղեցիներուն՝ իրենց գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու և եկեղեցի-ժողովուրդի յարաբերութիւնը ազդու միջոցներով նոր հունաւորում տալու։ Միջին Արևելքի պետական պատասխանատուներուն՝ իրենց եկիրներու կեանքին աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու կարելիութիւնը տալու իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն: Արևմտեան երկիրներուն՝ իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու շրջանի եկեղեցիներուն նկատմամբ: Եկեղեցիներու սփիւռքներուն՝ իրենց հաւատարմութիւնը գործնական միջոցներով ցոյց տալու թէ՛ իրենց մայր եկեղեցիներուն և թէ՛ իրենց հայրենիքներուն նկատմամբ:
Դասախօսութենէն ետք, համալսարանի տնօրէնութիւնը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Կրէկորեան և Արևելեան համալսարանի դասախօսները:
News.am
