ԱՐԱՄ Ա․ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱ ԱՆՀԱՄԱՉԱՓ ՔԱՅԼԵՐԻ ՎՏԱՆԳԱՎՈՐ ՀԵՏԵՎԱՆՔՆԵՐԻՑ
Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից հայտնում են․
«Հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբան հայրերուն հանդիպում:
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի Արցախի գրաւումով պարզուած կացութեան, մեր ժողովուրդին մօտ ստեղծուած խոր ցաւին ու ընդվզումին և Հայաստանի մէջ կայք հաստատած Արցախի մեր զաւակներուն մարդասիրական օժանդակութիւն կատարելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան:
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը նոր կացութեան դիմաց կը գտնուին: Հետևաբար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը մօտէն հետևի տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն և հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարէ՝ հեռու պահելով Հայաստանը անհամաչափ քայլերու վտանգաւոր հետևանքներէն: Ապա, Հայրապետը ընդգծեց, թէ իր արժևորումով, ներկայ հանգրուանին իրապաշտ մօտեցումով ռազմավարական նոր մօտեցում հարկ է ճշդուի, նկատի ունենալով յատկապէս հետևեալ երեք կէտերը.-
ա) Ռազմագերիներու և Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած Արցախի պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակում։
բ) Մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի մեր զաւակներուն։
գ) Միջազգային երաշխիք արցախցիներուն վերադարձի իրաւունքին:
Միաբանութիւնը իր խոր ընդվզումը յայտնեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին և բռնի ոյժով զայն իր պատմական հողերէն հեռացնելու անարգ քաղաքականութեան, որ իր մօտեցումով, եղանակով ու նպատակով ցեղասպանութիւն էր: Միաբանութիւնը նաև խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նախկին և ներկայ պետական պատասխանատուներուն ձերբակալումը և Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ շարունակուող սպառնալիքները: Ապա, ան կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութեան, որ առաջնահերթութիւն ընծայէ Հայաստան ապաստանած Արցախի ընտանիքներուն՝ օժանդակութեան յատուկ ծրագիրներ մշակելով, ինչպէս նաև միջազգային համայնքին՝ նոյն նպատակին համար անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարելու»։
Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից հայտնում են․
«Այսօր՝ Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբան հայրերուն հանդիպում: