ՀՅԴ հայ Դատի գրասենյակը հայտարարարություն է տարածել Իսրայելի կողմից Հայոց Ցեղասպանությունը ճանաչելու վերաբերյալ։
«Իսրայէլի կառավարութիւնը, այսօր, միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու երկրի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէօն Սաարի նախագիծին։ Ըստ հաղորդումներուն, ճանաչումի բանաձևի նախագիծը այժմ կ՚ուղարկուի խորհրդարան, առ ի որդեգրում։
ԱԳ նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, թէ անցեալին ևս եղած են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք, սակայն, իրենց տրամաբանական եզրակացութեան չեն յանգած։
Նախարարը յայտարարած է նաև, որ այս հակադարձութիւն չէ Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ Իսրայէլի դէմ ուղղուած «սարսափելի հռետորաբանութեան և թշնամական քայլերուն», ենթադրաբար՝ ակնարկելով ոչ միայն Թուրքիոյ, այլև միջազգային համայնքի բազմաթիւ անդամներու այն իրաւացի հաստատումներուն, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն կը գործէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ։
Հաշուի առնելով այն փաստը, որ բազմաթիւ հրեայ անհատներ, այդ մասին բարձրաձայնած են Ցեղասպանութեան օրերուն՝ որպէս վկայ, իսկ հետագային՝ որպէս մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ և կուսակցութիւն (Մերեց), պահանջելով Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, նախարար Սաար իրաւացի է երբ կը հաստատէ. «Երբեք ուշ չէ ճիշտ բանը ընել։ Այս թէ՛ բարոյական, թէ՛ պատմական պարտականութիւն է։ Իմ կարծիքով, ատկէ խուսափելու որևէ լուրջ պատճառ չկայ»։
Եթէ և երբ այս նախաձեռնութիւնը հասնի իր տրամաբանական եզրայանգումին և Իսրայէլի խորհրդարանը ևս հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս պետական դիրքորոշում, մենք կ՚ողջունենք այդ կեցուածքը, միաժամանակ կրկնելով նախարար Սաարիի Թուրքիոյ ուղղուած այն տրամաբանութիւնը, որ նման ճանաչումը «իրեն (այս պարագային՝ Իսրայէլին) չի տար անձեռնմխելիութիւն պատմական ճշմարտություններէն», ներառեալ՝ Արցախի մէջ հայութեան դէմ կատարուած յանձագործութիւններուն իր մեղսակցութեան գծով։
Միաժամանակ, կ՚ակնկալենք, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Իսրայէլը կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը՝ սատարելով յիշողութեան յաւերժացումին և պայքարելով անոր ժխտումին դէմ»։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ
