Արամ Ա. Արցախի Հանրապետության անկախությունը պետք է ավելի ամրապնդվի
Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ ու ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահը, Ազգային Ժողովը և մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Այս մասին ասված է Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ի ուղերձում:
«Արդարև, հայրենիքի անկախութիւնը հռչակողը իր ժողովո՛ւրդն է: Հայրենիքի անկախութիւնը ամէն տեսակ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ պաշտպանողը, դարձեալ իր ժողովուրդն է: Հայրենիքը հող է, պետականութիւն է, ինքնիշխանութիւն է և այս բոլորին խորք, իմաստ ու նպատակ տուողը ժողովո՛ւրդն է:
Հետևաբար, այսօր կը նշենք 30 տարիներ առաջ Արցախի ժողովուրդին հռչակած անկախութեան տօնը: Ժողովուրդ մը կը հզօրանայ ու կը յաւերժանայ իր ազատ կամքի ու ինքնիշխանութեան ամբողջական հաստատումով: Հայրենիք մը կը ծաղկի ու կը հզօրանայ իր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքով ու նուիրումով:
Կեանքի դժուար պայմաններու մէջ հռչակուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը. դժուար պայմաններու մէջ ան ծաղկեցաւ. և այսօր դառն ու տագնապալից պայմաններու մէջ ան կը նշէ իր անկախութիւնը: Հողային ու մարդկային ահաւոր կորուստ ունեցաւ Արցախը վերջին պատերազմի ընթացքին: Սակայն, չէ՛ ընկճուած Արցախի հայութեան վճռակամութիւնը, չէ՛ տկարացած իր հաւատքը, չէ՛ նահանջած իր նուիրումը: Արդարև, երբ ժողովուրդ մը վճռած է պաշտպանել իր անկախութիւնը, ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ ընկճել անոր ոգին ու տկարացնել կամքը:
Արցախի անկախութեան պաշտպանութիւնը առաջին հերթին՝ Արցախի ժողովուրդին սրբազան պարտքն է ու իրաւունքը. միաժամանակ, ան ողջ հայութեան պարտաւորութիւնն է ու յանձնառութիւնը: Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը պէտք է աւելի ամրապնդուի Ա) իր ժողովուրդին համախումբ ներկայութեամբ, պայմաններու պարտադրանքով Արցախէն հեռացած ընտանիքներու վերադարձով, Արցախի տնտեսութեան բարգաւաճումով և արտաքին յարաբերութեանց կազմակերպումով. Բ) Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական զօրակցութեամբ, յատկապէս տնտեսական ու քաղաքական բնագաւառներէն ներս. Գ) Սփիւռքի հայութեան զօրեղ նեցուկով, տնտեսական ներդրումով և քաղաքական յարաբերութիւններով:
Ա՛յս է մարտահրաւէրը մեր ժողովուրդին դիմաց:
Ընդառաջ այս մարտահրաւէրին, վերանորո՛գ հաւատքով, տեսլականով ու վճռակամութեամբ պէտք է նշենք Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերով, կառոյցներով ու ժողովուրդով միշտ կը մնայ Արցախի կողքին՝ գործնապէս մասնակից, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հզօրացման համազգային առաքելութեան»,- նշված է ուղերձում, տեղեկացնում է News.am-ը: